2010-12-31 12:06:54

Ռատիօվատիկանի Տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
՜՜Մարդկութեան Թթխմորը՝՝


Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նման է թթխմորի մարդկութեան համար եթէ ան պակսի կը նուազի ոյժը որ յառաջ կը մղէ ճշմարիտ զարգացումը. խթանը համագործակցելու ընդհանուրի բարիքի համար, մերձաւորի անշահախնդիր ծառայութեան համար, խաղաղարար պայքարին արդարութեան ի խնդիր։
Հաւատալ Աստուծոյ որ ուզեց բաժնեկից դառնալ մեր պատմութեան, մշտատեւ քաջալերանք մըն է յանձնառու ըլլալու նոյնիսկ կեանքի հակասութիւններու մէջ։Սրբազան Քահանայապետին Ծննդեան պատգամի այս խօսքերը կը լուսաւորեն անցքը հինէն նոր տարիի, հաշուեյարդարի եւ հեռանկարի պահ մը, նայուածք մը ուղղելով դէպի անցեալ ու նաեւ դէպի ապագայ։
Այսպէս է նաեւ հաւատացեալներուն համար որ կ՛ապրին երկրի վրայ (հաստատ դրած իրենց ոտքերը գետին) ու իրենց նայուածքը ուղղած դէպի երկինք։
Ըլլայ Սուրբ Ծննդեան պատգամը ըլլայ խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ, յունուար մէկի, պատգամը կրօնական ազատութեան նուիրուած` կը մատնանշեն եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը աշխարհի անցուդարձերուն։ Պէտք է նկատենք սակայն թէ ինչպէս հաւատքի լոյսով դիտուած պատմութիւնը մարդկային ծաւալներու խոր իմաստը կը քաղէ զանազանելով երկրայինն ու նիւթականը հոգեւորականէն եւ բարոյականէն։
Այս հեռանկարով կրօնական ազատութիւնը, որ անքակտելի կերպով կապուած է անհատին արժանապատութեան` կարեւոր դեր մը ունի որպէս <<խաղաղութեան ճանապարհ>>։ Ինչպէս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Ուեսդմինսդէրի արտասանած իր ճառին մէջ <<կրօնքը - հասարակաց կեանքէն ներս - լուծումի կարիք ունեցող հարց մը չէ>> այլ լուծման էական մասը։ Միայն Հաւատքի եւ բանականութեան միացումով, եւ ոչ թէ մէկը միւսի հակասութեամբ, կրնանք յոյսով նայիլ ապագայի մարտահրաւէրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.